Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՋերմուկ, քաղաք Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզին մէջ, մարզկեդրոնէն 50 քմ հիւսիս-արեւելք, Արփա գետի ակունքին։ Հայաստանի երեք առողջարանային քաղաքներէն մէկն է։ Կը գտնուի Երեւանէն 173 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Ջերմուկ նախկին հայկական Ջերմուկ գիւղին տեղը կառուցուած է։ Հետագային անիկա օտարեկրացիներու կողմէ աւերուած է եւ անոր փոխարէն նոր գիւղ կառուցած են, որ թարգմանաբար կոչած են Իստիսու։ Ջերմուկ վերանուանուած է 1924-ին։ Քաղաքին կը պատկանի նաեւ 3 քմ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Կեչուտ գիւղը։ Աւանդավէպի մը համաձայն, ժամանակին, երբ մարդու ապրուստի հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր, այս կուսական անտառները զանազան որսատեսակներով լեցուն էին։ Օր մը, փորձառու որսորդ մը կը նետահարէ մատղաշ եղնիկ մը։ Վիրաւոր եղնիկը մեծ ճիգերով, վերջին ուժերը հաւաքած, կը սկսի փախչիլ։ Որսորդը կրնկակոխ կը հետապնդէ զինք։ Ոտքերը հազիւ քարշ տալով, եղնիկը կը հասնի Ջերմուկի հանքային աղբիւրներուն, կը նետուի ջուրը եւ... ո՜վ հրաշք․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 10 299 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝