Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՔնարերգութիւն, գրական սեռ, ուր բանաստեղծը կը պատմէ իր եսին մասին կամ կը պատմէ իրականութիւն մը, որուն անպայման կու տայ իր ստացած տպաւորութիւնները, խոհերը եւ զգացումները: Քնարական ստեղծագործութիւնը, որ սովորաբար փոքր ծաւալի չափածոյ երկ մըն է, կը հիմնուի որեւէ ապրում-պատկերի վրայ։ Վերջինիս յուզական արտայայտման եւ ծաւալման եղանակով ալ պայմանաւորուած է քնարական ստեղծագործութեան կառոյցն ու զարգացման ընթացքը։ Քնարաշունչ երկերը կ'ունենան չափածոյ ձեւ եւ կ'արտայայտեն խոր յուզում, ուր կը բացայայտուի քնարերգակ հերոսին ներաշխարհը, որուն ընդմէջէն կը յայտնաբերուին հերոսին կրած տառապանքները, գեղեցկութեան թէ բնութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատքը, ինչպէս նաեւ սիրոյ հանդէպ իր ապրումները: Քնարերգութիւնը մշակուած է բոլոր դարերուն: Հայ քնարերգութիւնը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, որուն անդրանիկ նմուշները մեզի հասած են հնագոյն դարաշրջաններէն: Հայ բանաստեղծներուն մօտ ուշագրաւ է քնարերգութիւնը, որուն միջոցով անոնք երգած են իրենց սէրը՝ գեղեցիկին, բնութեան եւ հայրենիքին հանդէպ․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 9540 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝