Գլխաւոր Էջ
Ամսուան Յօդուածը1984 (անգլերէն՝ Nineteen Eighty-Four), Ճորճ Օրուէլի վէպերէն։ «1984» Վէպը, Անգլիացի գրող Ճորճ Օրուէլի հակա-կոմունիստական վէպն է, որ գրուած է 1948-ին եւ լոյս տեսած է 1949-ին։ Վէպին մէջ ներկայացուած է արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը 1984-ին, երբ ամբողջատիրական համակարգի մը դէմ ելլելը անհատներու կործանման կը տանէր։ «1984»ը կը զգուշացնէ Նացիստական Գերմանիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ Ստալինի ղեկավարութեան տակ գտնուող Խորհրդային Միութեան եւ նման բռնատիրական ռեժիմներու դէմ ելլողները։ Օրուէլի հանրայայտ այս վէպը նախկին ԽՍՀՄ-ի տարածքէն ներս լոյս կը տեսնէ 1988-էն ետք, որովհետեւ ԽՍՀՄ-ի համակարգը ինքնին ամբողջատիրական եւ բռնատիրական սկզբունքներու վրայ հիմնուած էր, ինչ որ Օրուէլ խստօրէն կը քննադատէ այս գիրքին մէջ։ Վէպը «Անասնաֆիրմա» վիպակին մղումները կը շարունակէ, որ 1917-ի Հոկտեմբերեան ընկերվարական յեղափոխութեան եւ անոր հետեւանքներով յառաջացած զարգացումները կը նկարագրէ, ինչպէս նաեւ այդ օրերու աշխարհաքաղաքական տիրապետող միտումներն ու քաղաքական դէմքերը։ Կան նաեւ քննադատութիւններ եւ պետական միջամտութիւններ․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 9111 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝