Նոպէլեան Մրցանակ

Jump to navigation Jump to search
Նոպէլեան մրցանակի հիմնադիր՝ Ալֆրետ Նոպէլը (1833–1896):

Նոպէլեան Մրցանակը (շուէտ.՝ Nobelpriset)` Շուէտական բարձրակարգ մրցանակ մըն է, որ հիմնուած է 1895 թուականին, Ալֆրետ Նոպէլի կողմէ[1]։ Ալֆրետ այս մրցանակը ստեղծեց որպէսզի քաջալերէ գիտական յայտնագործութիւններն ու գիւտերը, ժողովուրդի մը ստեղծագործութիւնները եւ ներդրումները զարգացնելու նպատակով։

Մրցանակին գումարը կը կազմէ 1,3 միլիոն տոլար ու կը սահմանափակուի հետեւեալ մարզերուն մէջ.

1969 թուականէն սկսեալ, Շուէտական դրամատան միջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, մրցանակին մարզերուն կ'աւելնայ նաեւ տնտեսագիտութեան մարզը:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալֆրետ Նոպէլ ծնած է 21 Հոկտեմբեր 1833 թուականիին, Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ։ Ալֆրետ կը յաճախէ համալսարան, կը ստանայ ուսումը եւ կը դառնայ նշանաւոր ճարտարագէտ, քիմիագէտ եւ գիտնական։ 1894 թուականին Նոպէլը կը ստեղծէ պայթուցիկներու նիւթեր, որ ժամանակ մը ետք կը սկսի վաճառուիլ բանակներուն մէջ, ու կը գործածուի պատերազմներու ընթացքին։

Ալֆրետ Նոպէլ, Նոպէլեան մրցանակը ստեղծած է 27 Նոյեմբեր 1895 թուականին եւ այդ կազմակերպութիւնը գործի լծուած է իր մահէն ետք՝ Յունուար 1897 թուականին։ Ան իր ամբողջ դրամը յատկացուցած է` մրցանակ մը հիմնելու, որ կը վարձատրէ իրենց մարզին մէջ կարեւոր աշխատանք կատարած անձերը կամ կազմակերպութիւնները[1]:

Ալֆրետ Նոպէլը մահացած է 10 Դեկտեմբեր 1896 թուականին Իտալիոյ ՍանՌեմօ քաղաքին մէջ, հիւանդութեան պատճառով:

Մրցանակներուն յանձնումի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Սթոքհոլմի մէջ, ամէն տարի 10 Դեկտեմբերին`Ալֆրետ Նոպէլի մահուան թուականին[2][3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Ո՞վ Կ'որոշէ Նոպէլեան Մրցանակ Ստացողները
  2. «2019-ի Նոպէլեան Մրցանակի Դափնեկիրները»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-10-25։ արտագրուած է՝ 2019-12-01 
  3. «Asbarez - Armenian » AsbarezStaff»։ asbarez32.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2019-12-01 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]